image

Մենք դեռ կը սպասենք, որ Հայաստանը բացայայտէ աւելի քան 200 զանգուածային գերեզմանի տեղակայման վայրերը. Հաճիեւ

Մենք դեռ կը սպասենք, որ Հայաստանը բացայայտէ աւելի քան 200 զանգուածային գերեզմանի տեղակայման վայրերը. Հաճիեւ

Մենք տակաւին կը սպասենք, որ Հայաստանը բացայայտէ աւելի քան 200 զանգուածային գերեզմանի գտնուելու վայրերը։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւը։

«Մենք տակաւին կը սպասենք, որ Հայաստանը բացայայտէ աւելի քան 200 զանգուածային գերեզմանի գտնուելու վայրերը։ Նաեւ կը սպասենք 2020-2023 թուականներուն նախկին շփման գիծին երկայնքով՝ աւելի քան 440 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 2 քիլոմեթր խորութեամբ տեղադրուած ականներու քարտէզներուն։

Այդ ականները կը շարունակեն սպաննել եւ վիրաւորել խաղաղ բնակիչները, ինչպէս նաեւ խոչընդոտել «նախկին ներքին տեղահանուածներու վերադարձը»։

Սա զուտ մարդասիրական հարց է։ Այս տեղեկութիւններուն փոխանցումը պիտի ըլլար վստահութեան ամրապնդման կարեւոր քայլ, անցումային արդարադատութեան տարր եւ մեր տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման իրական ներդրում։ Ընտանիքները իրաւունք ունին գիտնալու իրենց հարազատներու ճակատագիրը», գրած է Հաճիեւը։