Անգարայի դատարանը Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն դատապարտած է երկու տարի եւ մէկ ամիս ազատազրկման՝ 2023 թուականի Նոյեմբերին Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (CHP) համագումարին ընթացքին ենթադրեալ խախտումներու գործով։ Դատարանը նաեւ որոշած է սահմանափակել անոր քաղաքական իրաւունքները, կը հաղորդէ TRT Haber-ը։
Գործով ընդհանուր առմամբ ինը անձ դատապարտուած է, որոնց շարքին՝ Իմամօղլուն։ Երեք այլ ամբաստանեալներ արդարացուած են։
Քննութիւնը կը պնդէ, թէ CHP-ի համագումարի ընթացքին պատգամաւորները կրնային դրդուած ըլլալ քուէարկելու ի նպաստ կուսակցութեան նախագահ ընտրուած Օզկիւր Օզէլի։ Ըստ մեղադրանքին՝ կարգ մը պատգամաւորներու առաջարկուած են դրամական գումարներ, աշխատանք եւ պաշտօններու նշանակումներ, բաժնուած են սննդամթերքի գնումներու քարտեր, ինչպէս նաեւ խնդրուած է լուսանկարել լրացուած քուէաթերթիկները։ Ամբաստանեալները հերքած են իրենց առաջադրուած մեղադրանքները։
Մինչեւ ձերբակալութիւնը Իմամօղլուն կը նկատուէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի գլխաւոր հաւանական մրցակիցներէն մէկը։ Ան ներկայիս կալանքի տակ կը գտնուի այլ գործով, որ կը վերաբերի Պոլսոյ քաղաքապետարանին մէջ ենթադրեալ փտածութեան դէպքերուն։ Իմամօղլուն կը հերքէ նաեւ այդ մեղադրանքները։
Աւելի վաղ, Թուրքիոյ դատարանները արդէն իսկ որոշումներ կայացուցած էին Իմամօղլուի քաղաքական գործունէութիւնը սահմանափակելու վերաբերեալ։ Նոր որոշումը եւս կրնայ նման հետեւանքներ ունենալ, եթէ դատապարտման վճիռը օրինական ուժ ստանայ։