ԱՄՆ Արեւելեան Թեմը հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ նշեց իր բարեջան Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակը եւ ծննդեան 75-րդ տարեդարձը։ Յոբելեանական ձեռնարկը առիթ դարձաւ արժեւորելու Սրբազան Հօր երկարամեայ ծառայութիւնը, եկեղեցանուէր գործունէութիւնն ու առաջնորդական վաստակը։
Ստորեւ Թեմի պաշտօնական էջով տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, Նիւ Եորքի «Terrace on the Park» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը։ Առաւօտեան Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Ճաշկերոյթին ընթացքին հնչեցին գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, իսկ Սրբազան Հօր կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութեամբ անգամ մը եւս արժեւորուեցաւ անոր եկեղեցական ու ազգային ծառայութեան ուղին։
Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, ջերմ ու տօնական մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանիս Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը Terrace on the Park-ի մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակին եւ ծննդեան 75-րդ տարեդարձին առիթով։ Առաւօտեան, այս առթիւ, Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց մեթր Արմէն Մորեան։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը կարդաց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան։ խօսք առին Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Աարաֆեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Առաջնորդարանի «Զապէլ թագուհի« շքանշանը ստացաւ տիկ. Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսըն։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստկան յայտագիր մը եւ ցուցադրուեցաւ Սրբազան Հօր կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ մը։ Ձեռնարկը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհակալական խօսքով։



