image

Ռուսիա երեք օր պիտի չհարուածէ Քիեւը՝ ամերիկացի բանագնացներու այցի պատճառով

Ռուսիա երեք օր պիտի չհարուածէ Քիեւը՝ ամերիկացի բանագնացներու այցի պատճառով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրահանգած է երեք օրով դադրեցնել հարուածները Քիեւի ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքովը։

Անոր խօսքով՝ որոշումը կապուած է Քիեւի մէջ ամերիկեան կողմին հետ շփումներու նախապատրաստման եւ կայացման հետ։

Սեպտեմբեր 5-ին Փութին Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ վարած է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ, որոնք առաջարկ ներկայացուցած են Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ։

Փեսքով, սակայն, նշած է, որ Ուքրանիոյ կարգաւորման վերաբերեալ նոր գաղափարներու մասին խօսք չկայ։

Աւելի վաղ Թրամփ յայտնած էր, որ Ուիթքոֆն ու Քուշները Մոսկուա մեկնած են Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելու առաջարկով՝ առանց մանրամասնութիւններ ներկայացնելու։