ԱՄՆ-ը կը մեծցնէ իր ռազմական ներկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Քալիֆորնիայէն դէպի տարածաշրջան ուղեւորուած են «USS Theodore Roosevelt» օդանաւակիր նաւը՝ ուղեկցող նաւերով, ինչպէս նաեւ երեք ցամաքահանումային նաւեր եւ ծովային հետեւակի ստորաբաժանումներ։ Մօտ 10 հազար զինուորներ պէտք է պատրաստ ըլլան ռազմական գործողութիւններու՝ Նոյեմբերին։
Եթէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ արդէն տեղակայուած «USS George H.W. Bush» եւ «USS George Washington» օդանաւակիր նաւերը մնան տարածաշրջանին մէջ, ապա ԱՄՆ-ի տրամադրութեան տակ այնտեղ պիտի ըլլան երեք օդանաւակիր հարուածային խումբեր եւ մօտ 60 հազար զինուոր։