Երկու զաւակներու հայր Ժորժ Զըրայք անունով քաղաքացի մը ինքնահրկիզման դիմելէ ետք, մահացած է։ Այս մասին լուրը փոխանցած է «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է հինգշաբթի օր, երբ Զըրայք ներկայանալով իրենց տան մօտ գտնուող վարժարան, պահանջած է իր դստեր վաւերաթուղթերը՝ մտադրելով զաւակը փոխադրել այլ վարժարան։
Կայանը նաեւ կը հաղորդէ, որ Զըրայք ունեցած է նիւթական կուտակուած պարտքեր, որուն համար ալ անցեալ շաբաթ վարժարանի տնօրէնութիւնը գրաւոր կերպով զինք կանխազգուշացուցած է՝ արագօրէն փակել իր վրայ եղած պարտքերը։
Կը նշուի նաեւ, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը հաշուի առնելով Զըրայքի նիւթական ծանր պայմանները, ջնջած է անոր ունեցած պարտքերուն կարեւոր մէկ բաժինը։
Դէպքը տեղի ունեցած է Լիբանանի հիւսիսային «Ալ Քուրա» մեծամասնութեամբ քրիստոնէաբնակ աւանին մէջ։
Լրատուական աղբիւրներ իրենց կարգին Զըրայքի մահուան պատճառ դարձած ինքնահրկիզման լուրը տալով, նկատել տուած են, որ դէպքը կապ ունի երկրին մէջ տիրող համընդհանուր ընկերային-տնտեսական ծանր վիճակին հետ, որուն պատճառով ալ Զըրայք ու անոր նման մեծ թիւով լիբանանցիներ չեն կարողանար կատարել իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Զըրայք հայր էր երկու զաւակներու։