image

Իրանցիք «Քորոնա»ի դէմ «Ֆախրա» անունով պատուաստ մը փորձարկած են

Իրանցիք «Քորոնա»ի դէմ «Ֆախրա» անունով պատուաստ մը փորձարկած են

Սկսած է «Քորոնա» ժահրի դէմ իրանական «Ֆախրա» պատուաստանիւթի փորձարկումներու 2-րդ փուլը, կը յայտնէ Tehran Times թերթը եւ կը նշէ, որ այն կը փորձարկուի 500 կամաւորներու վրայ։

Պատուաստանիւթը, որ անուանուած է ի պատիւ սպանուած միջուկային գիտնական Մոհսէն Ֆախրիզատէի, փորձարկումներու առաջին փուլը սկսած է 2021 թուականի Մարտին, որու ընթացքին պատուաստուած է շուրջ 135 մարդ։

Առողջապահութեան նախարարութեան թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք պատուաստանիւթը 3-րդ փուլին պիտի օգտագործուի 30 հազար դեղաչափով։

Նշենք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանին տեղեկացուցած էր, որ պատուաստանիւթերու բաւարար քանակի ապահովման պարագային Իրանի մէջ յարակից հիւանդութիւն ունեցող մարդոց պատուաստումները պիտի աւարտին Յուլիսի վերջը, իսկ ամբողջ բնակչութեան պատուաստումը մինչեւ Նոյեմբերի վերջ աւարտած պիտի ըլլայ։