Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը միայն անցեալի յիշատակ չէ, այլ՝ կենդանի վկայութիւն մը հաւատքի, խղճի ազատութեան, ծառայութեան եւ սերունդներու դաստիարակութեան։ 180 տարիներու ընթացքին այս եկեղեցին մնացած է Աւետարանին հաւատարիմ ձայն մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայ իրականութեան մէջ, իր պատգամով, կրթական առաքելութեամբ եւ համայնքային ծառայութեամբ։
Այս խորունկ իմաստով ալ, Կիրակի, 21 Յունիս 2026-ին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ՀԹ. տարեկան Համաժողովի բացման հանդիսաւոր պաշտամունքը, որ միաժամանակ առիթ դարձաւ նշելու Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակը։ Հանդիսաւոր այս պաշտամունքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք պաշտամունքին մասին հաղորդագրութիւնը։
Կիրակի, 21 Յունիս 2026-ին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան մասնակցեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.) ՀԹ. տարեկան Համաժողովի բացման հանդիսաւոր պաշտամունքին, որուն ընթացքին նաեւ նշուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակը։
Պաշտամունքի կեդրոնական պատգամը՝ «Խղճի Ազատութիւն եւ Հաւատքի Յանձնառութիւն» (Գաղատացիս 5.1) բնաբանով, փոխանցեց Միութեան Նախագահի Տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան։ Ան շեշտեց, որ խղճի ազատութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ առաջնորդել անոր վկայութիւնն ու ծառայութիւնը։
Ան նաեւ ընդգծեց, թէ ճշմարիտ ազատութիւնը Քրիստոսի մէջ կը գտնուի եւ կը դրսեւորուի հաւատքով գործող սիրոյ մէջ։ Պաշտամունքի ընթացքին Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան առաջնորդեց նուիրումի, վերանորոգուած ուխտի եւ յանձնառութեան աղօթքը՝ գոհաբանութիւն մատուցելով Աստուծոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-ամեայ ընթացքին Իր ցուցաբերած հաւատարմութեան, առաջնորդութեան եւ պահպանութեան համար։ Աղօթքին մէջ վերանորոգուեցաւ եկեղեցւոյ ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու Աւետարանին, Քրիստոսի վկայութեան եւ ծառայութեան, իսկ յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ գալիք սերունդներուն համար, որպէսզի շարունակեն կրել եւ փոխանցել Աւետարանի լոյսը։
Պաշտամունքին ներկայ էին հայ եւ օտար եկեղեցիներու, միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու, պետական ու քաղաքական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ համայնքային կառոյցներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ներկայութեամբ արժեւորեցին Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-ամեայ վկայութիւնը։






