image

Հնդկաստանի «սուրբ գետ»ը աւելիով կրնայ ապականիլ. Պատճառը «Քովիտ»ն է

Հնդկաստանի «սուրբ գետ»ը աւելիով կրնայ ապականիլ. Պատճառը «Քովիտ»ն  է

Ինչպէս յայնի է, բաւական երկար ժամանակ է, որ Հնդկաստանի մէջ Կանկես գետի «առողջութեան» վերաբերեալ մտահոգութիւններ կը հնչեն:

Այսօր սակայն, «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով երկրի ամենակարեւոր ջուրի աղբիւր համարուող գետի համար նոր ճգնաժամ մը կը սկսի, կը հաղորդէ BBC-ն: 

Պատճառն այն է, որ «Քորոնա» ժահրային համավարակի երկրորդ ալիքի ընթացքին Հիւսիսային Հնդկաստանի Պրաիագրաճ (յայտնի է նաեւ Ալլահապատ անունով) քաղաքին մէջ, ոչ բաւարար խորութեան վրայ, հարիւրաւոր մարմիններ թաղուած են գետի ափին գտնուող գերեզմաններու մէջ: Եւ այսօր՝ մուսսոնային սեզոնի (սեզոնային կայուն քամիներ երկրագունդի որոշ շրջաններու մէջ, որոնք տարին երկու անգամ կը փոխեն իրենց ուղղութիւնը-խմբ.)  աշխուժացման պատճառով, մտավախութիւն կայ, որ այդ մարմինները կը յայտնուին գետին մէջ՝ աւելիով աղտոտելով այն: