image

Ժիրայր Սէֆիլեան 10.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

Ժիրայր Սէֆիլեան 10.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

«Հիմնադիր խորհրդարան»-ի առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեան դատապարտուեցաւ 10.5 տարուան ազատազրկման: Այս մասին հրապարակած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթ նստավայրին մէջ, դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանը, կը գրէ Թերթ.ամ-ը: 

Դատաւորի հրապարակած դատավճռով Գէորգ Սաֆարեանը դատապարտուեցաւ 4 տարուան ազատազրկման, ատոր գումարուեցաւ առաջին դատավճռի 2 տարի ժամկէտը եւ վերջնական պատիժ սահմանուեցաւ 5 տարի 6 ամիս ազատազրկում:

Գործով Ներսէս Պօղոսեանը դատապարտուեցաւ 3 տարի 6 ամիս ժամկէտով ազատազրկման, Գալուստ Գրիգորեանը` 3 տարի, Հրայր Թօփչեանը` 3 տարի, Սասունիկ Կիրակոսեանը` 3 տարի 6 ամիս, Յովհաննէս Պետրոսեանը` 2 տարի ժամկէտով ազատազրկման:

Նշենք, որ մեղադրողը Ժիրայր Սէֆիլեանի համար պահանջած էր 11 տարուան ազատազրկում։

Յիշեցնենք, որ Ժիրայր Սէֆիլեան կը մեղադրուի զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու եւ զէնքի գործադրմամբ շէնքեր, շինութիւններ զաւթելու նախապատրաստութեան մէջ: Բացի Սէֆիլեանէն` գործով մեղադրանք առաջադրուած էր նաեւ Գէորգ Սաֆարեանին, Ներսէս Պօղոսեանին, Գալուստ Գրիգորեանին, Հրայր Թօփչեանին, Սասունիկ Կիրակոսեանին եւ Յովհաննէս Պետրոսեանին: