Երկար տարիներու բացակայութիւնէ ետք Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը կազմակերպած է աւանդական տողանցք։
Տողանցքին իրենց ներկայութիւնը բերած են Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն այս առթիւ Հալէպ ժամանած ՀՄԸՄ-ական անդամներ, մարզիկներ, սկատուտներ ու արենոյշներ։
Տողանցքին նախագահած է Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Մասիս եպս. Զօպույեան, եւ այս առթիւ խօսքեր հնչած են ՀՄԸՄ-ի տարբեր ոլորտներու պատասխանատուներու կողմէ։
Խօսք առնողները յատուկ ողջոյններ յղած են Սուրիոյ առաջնորդին՝ Ն.Վ.Տօքթ. Պաշշար Ասատին վերջինիս վերընտրութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Վեհափառ հօր Կաթողիկոսական ընտրութեան 26-րդ տարեդարձին առթիւ։
Նշենք նաեւ, որ «Արեւելք» այս տեղեկութիւնները եւ լուսանկարները քաղեց ՝ ՀՄԸՄ Սուրիա դիմատետրի էջէն։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել