image

Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան մէջ մեղադրուող նախկին ոստիկանին 22.5 տարուան բանտարկութեան պատիժ

Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան մէջ մեղադրուող նախկին ոստիկանին 22.5 տարուան բանտարկութեան պատիժ

ԱՄՆ Մինեսոթա նահանգի Մինէափոլիս քաղաքի դատարանը սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան համար նախկին ոստիկան Տերիք Շովինը 22.5 տարուան ազատազրկման դատապարտեց, կը հաղորդէ «Ռիա Նովոստի»ն:

Դատաւոր Փիթըր Քեհիլլը յայտարարած է, որ դատավճիռը հիմնուած է ոչ հանրային կարծիքի վրայ, ոչ ալ՝ զգացմունքներու ու համակրանքի կամ հակակրանքի՝ ցաւակցութիւն յայտնելով սպանուածի հարազատներուն:

Դատաւորը մեղադրեալին ըսած է, որ անոր 10 անգամ աւելի մեծ պատժաչափ կը նշանակէ, քան ընդունուած է նման յանցագործութեան պարագային: Հաւանական է, որ Շովինը հնարաւորութիւն ունենայ 15 տարի անց դիմել վաղաժամկէտ ազատ արձակման համար:

Սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը տեղի ունեցած էր 25 Մայիս 2020-ին, երբ ոստիկանը անոր խեղդամահ ըրած էր գործողութեան ժամանակ: Սպանութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու տարբեր հատուածներուն մէջ բողոքի զանգուածային ցոյցեր սկսած էին, որոնց ժամանակ կը պահանջուէր նաեւ բարեփոխել ամերիկեան ոստիկանութիւնը: