Հայաստանի հարեւան երկրի՝ Վրաստանի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր։
Երէկ գիշեր Ժամեր շարունակ տեւած բողոքի ցոյցը արդէն երկրորդ անգամ ոստիկանութիւը փորձած է ցրել՝ այս անգամ կիրառելով ջրցան մեքենայ։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, շարունակած են հնչել նաեւ կրակոցներ։
Վրաստանի խորհրդարանի շէնքի մօտ ցոյցի հետեւանքով տուժածնեը տեղափոխած են Թիֆլիսի տարբեր հիւանդանոցներ:
«Ալիք մետիա»ի հաղորդմամբ՝ Ինկորոքվայի հիւանդանոցին մէջ 40 ցուցարար բուժում կը ստանայ:
Նշենք, որ Ցուցարարները կը պահանջեն, որ պաշտոնաթող ըլլան Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէն, ՆԳ-ի նախարար Կիորկի Կախարիան եւ ՊԱԾ-ի ղեկավար Վախթանգ Կոմելաուրին: Ցուցարարները նաեւ կը պահանջեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել: