image

Վրաստանի համար ծանր գիշեր. Ոստիկանները օգտագործած են արցունքաբեր կազեր

Վրաստանի համար ծանր գիշեր. Ոստիկանները օգտագործած են արցունքաբեր կազեր

Հայաստանի հարեւան երկրի՝ Վրաստանի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր։

 
Երէկ գիշեր Ժամեր շարունակ տեւած բողոքի ցոյցը արդէն երկրորդ անգամ ոստիկանութիւը փորձած է ցրել՝ այս անգամ կիրառելով ջրցան մեքենայ։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ,  շարունակած են հնչել նաեւ կրակոցներ։

Վրաստանի խորհրդարանի շէնքի մօտ ցոյցի հետեւանքով տուժածնեը տեղափոխած են Թիֆլիսի տարբեր հիւանդանոցներ:

«Ալիք մետիա»ի հաղորդմամբ՝ Ինկորոքվայի հիւանդանոցին մէջ 40 ցուցարար  բուժում կը ստանայ:

Նշենք, որ Ցուցարարները կը պահանջեն, որ պաշտոնաթող ըլլան Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէն, ՆԳ-ի նախարար Կիորկի Կախարիան եւ ՊԱԾ-ի ղեկավար Վախթանգ Կոմելաուրին: Ցուցարարները նաեւ կը պահանջեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել: