2023 թուականի Հոկտեմբերէն ի վեր Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածին դէմ կատարուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով առնուազն 73,090 պաղեստինցի սպաննուած, իսկ 173,550 հոգի՝ վիրաւորուած։
Այս մասին տեղեկութիւններ հրապարակած է Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Նախարարութեան համաձայն, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Կազայի շուրջ ձեռք բերուած հրադադարէն ի վեր, պաշարուած շրջանին մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած է 1,066 պաղեստինցի, մինչդեռ 3,445 մարդ վիրաւորուած է։