image

ՍԴ որոշումէն ետք ընդդիմութիւնը կը ծրագրէ համատեղ քայլեր

ՍԴ որոշումէն ետք ընդդիմութիւնը կը ծրագրէ համատեղ քայլեր

«Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, «Բարգաւաճ Հայաստան» , «Հայ ազգային քոնկրես» եւ «Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ» կուսակցութիւնները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են` արձագանգելով ՍԴ–ի որոշման։

Սահմանադրական դատարանը երէկ մերժած է խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող ընդդիմադիր 7 քաղաքական ուժերու դիմումները՝ անփոփոխ թողելով ԿԸՅ-ի որոշումը։ 

Հինգ ընդդիմադիր ուժերը, գործող իշխանութիւնը համարելով ոչ օրինական, նշած են համատեղ պայքարի հիմնական ուղղութիւնները: Ատոնք կը ներառեն սահմանադրական պարտադրուած փոփոխութիւններու կանխումը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը, քաղաքական դրդապատճառներով կալանաւորուածներու ազատ արձակումն ու գործող վարչակարգի հեռացումը:

«Մենք գիտակցում ենք, որ իրաւական ինստիտուտների կազմաքանդման պայմաններում պետութեան եւ սահմանադրական կարգի պահպանման միակ երաշխաւորը մնում է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին։ Ուստի, սիրելի՛ քաղաքացիներ, Սահմանադրական դատարանի այս որոշումը ոչ թէ պայքարի աւարտն է, այլ նոր՝ աւելի համակարգուած, ինստիտուցիոնալ եւ լայնածաւալ քաղաքական դիմադրութեան փուլի սկիզբը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Նշուած առաջնահերթութիւններու շուրջ ընդդիմադիր կողմերու միջեւ կ՚ընթանան աշխուժ քննարկումներ: Ատոնց արդիւնքներով ձեւաւորուած համատեղ ծրագիրներու եւ հետագայ քայլերու վերաբերեալ, ինչպէս ըսուած է յայտարարութեան մէջ, իրազեկումը պիտի կատարուի մօտ ժամանակներս: