image

Ուքրանիա ռազմափորձի ժամանակ օգտագործած է թրքական «Պայրաքտար» ԱԹՍ-ն

Ուքրանիա ռազմափորձի ժամանակ օգտագործած է թրքական «Պայրաքտար» ԱԹՍ-ն

Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները զօրավարժութիւններ իրականացուցած են Սեւ ծովի ջրային տարածքը գտնուող Խերսոնի մարզի ափամերձ հատուածներուն մէջ՝ կիրառելով թրքական «Պայրաքտար»  հարուածային անօդաչուները: Այս մասին յայտնած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով երկրի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուական գործակալութեան:

«Bayraktar TB2 հարուածային անօդաչուները թռիչքներ իրականացուցած են Ուքրանիոյ ցամաքային հատուածէն դէպի Սեւ ծովը գտնուող Թենտրա կղզին: Անօդաչուները ռազմավարական տարբեր ուսումնական յանձնարարութիւններ մշակած են »,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ անօդաչուներու թռիչքն ու վայրէջքը կատարուած է Նիքոլայեւ քաղաքի օդակայանէն: Թենտրա կղզիին մէջ տեղակայուած է ուքրանական բազմապաշտօն ռազմածովային զօրավարժարանը, ուր զինծառայողները կը մշակեն ծովային վայրէջքը:

Ուքրանիոյ ՊՆ-ը 2020-ի 14 դեկտեմբերին յայտնած էր ուքրանական բանակին համար հարուածային անօդաչուներ պատրաստելու վերաբերեալ Թուրքիոյ հետ համաձայնագիր ստորագրելու մասին: Ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ պայմանագրի գումարը կազմած է 69 միլիոն եւրօ: