Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Ռուսիոյ Դաշնակցութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան երկաթուղային ընկերութիւններու ղեկավարները եռակողմ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են, որու նպատակն է բարելաւել երեք երկիրներուն միջեւ երկաթուղային բեռնափոխադրումները։
Իրանական IRNA լրատուական գործակալութեան համաձայն, յուշագիրը ստորագրուած է Յուլիս 3-ին՝ Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան փոխնախարար, ինչպէս նաեւ երկաթուղային վարչութեան պետ Ճապար Ալի Զաքերիի, «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Օլեկ Պելոզեորովի եւ «Ատրպէյճանական երկաթուղիներ» ընկերութեան ղեկավար Ռովշան Ռուստամովի կողմէ։
Կողմերը հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկած են «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրամիջանցքի արեւմտեան երթուղիի զարգացման վերաբերող հարցերը՝ ընդգծելով այդ ուղղութեամբ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։