image

Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանութիւնը առաջին անգամ օգտագործած է «Ցեղասպանութիւն» բառը

Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանութիւնը առաջին  անգամ  օգտագործած է «Ցեղասպանութիւն» բառը

Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանատունը Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի կապակցութեամբ դեսպան Քիշան Տան Տեւալի՝  Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան մասին հաղորդագրութեան մէջ առաջին անգամ օգտագործած է «Ցեղասպանութիւն» եզրը:

Հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է Հայաստանի մօտ Հնդկաստանի դեսպանութեան Դիմատետրի էջով:

«Այսօր Հայաստանը կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը: Դեսպան՝ Ք․Տ․ Տեւալը յարգանքի տուրք մատուցեց այս մեծ ողբերգութեան նահատակներուն եւ ծաղկեպսակ դրաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ»,- ըսուած է երկլեզու հաղորդագրութեան մէջ:

Ընկերային համացանցի այս հրապարակութեան մէջ, դեսպանութիւնը աշխոյժ յղումով նշած է նաեւ Հնդկաստանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու էջերը: