Պոլիսը հայ լուսանկարչութեան պատմութեան մէջ ունի առանձնայատուկ եւ փառաւոր տեղ։ Այդ քաղաքին մէջ հայ լուսանկարիչներ ոչ միայն վաւերագրած են ժամանակի դէմքերը, դէպքերը, համայնքային կեանքն ու քաղաքային առօրեան, այլեւ իրենց նուրբ հայեացքով ստեղծած են արուեստի ամբողջ աւանդութիւն մը։ Օսմանեան շրջանի նշանաւոր հայ լուսանկարիչներէն մինչեւ մեր օրերու ստեղծագործ սերունդը, Պոլիսը մնացած է լուսանկարչական յիշողութեան, ինքնութեան եւ մշակութային վկայութեան կարեւոր կեդրոն մը։
Այս հարուստ ժառանգութեան շարունակութեան իմաստով յատկանշական է «Պոլիս Լուսատու» լուսանկարիչներու խումբին նախաձեռնութիւնը։ «Որոնում» խորագրով բացուած խառն ցուցահանդէսը ոչ միայն կը ներկայացնէ խումբի անդամներուն ստեղծագործական աշխարհը, այլ նաեւ կը վերահաստատէ, որ հայ լուսանկարիչը Պոլսոյ մէջ այսօր եւս կը շարունակէ դիտել, արձանագրել եւ ապագային փոխանցել իր ժամանակի տեսողական պատմութիւնը։
Ստորեւ «Պոլիս Լուսատու» խումբին կազմակերպած առաջին ցուցահանդէսին մասին խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը՝
«Պոլիս Լուսատու» լուսանկարիչներու խումբը երէկ, 19 Յունիսին «Որոնում» կարգախօսի ներքեւ խառն ցուցահանդէս մը բացաւ Կեդրոնական Սանուց Միութեան սրահին մէջ։ Խումբի 15 անդամները երկուական լուսանկարով կը մասնակցէին ցուցահանդէսին, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց այցելուներու մօտ։
Բացման ներկայ էր նաեւ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը շրջեցաւ սրահին մէջ, լուսանկարիչներու ընկերակցութեամբ դիտեց ցուցադրուած գործերը եւ զրոյցներ ունեցաւ հեղինակներուն հետ։ Ողջոյնի խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիւրեհ։
Պատրիարք Հայրը իր արժեւորումները ընելով, անդրադարձաւ լուսանկարչութեան արուեստին կարեւորութեան, նշելով, թէ տակաւին կան շրջանակներ, որոնք կը շարունակեն քննարկել լուսանկարչութեան՝ արուեստ ըլլալու հարցը։ «Լուսանկարչութիւնը պահը որսալու եւ ժամանակը կանգնեցնելու արուեստն է», ըսաւ Պատրիարք Հայրը, աւելցնելով, որ «Պոլիս Լուսատու»ի անդամները յաջողութեամբ կը կատարեն այդ առաքելութիւնը, արձանագրելով եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելով մեր օրերու վկայութիւնները։ Յիշեց նաեւ հայ լուսանկարչութեան հարուստ աւանդութիւնը եւ շնորհաւորեց «Պոլիս Լուսատու»ի անդամները՝ համայնքային կեանքին բերած իրենց ներդրումին համար։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած լուսանկարներու մէկ մասը կ'անդրադառնայ հայկական ինքնութեան, մշակոյթի եւ պատմական յիշողութեան հետ առնչակից թէմաներու, մինչ միւսները կը պատկերեն Իսթանպուլի բազմաշերտ կեանքը, առօրեան եւ մարդկային տարբեր պատմութիւններ։ Այս կերպով անձնական փորձառութիւններն ու հաւաքական յիշողութիւնը կը միախառնուին՝ ստեղծելով անցեալն ու ներկան, անհատն ու հասարակութիւնը կապող տեսողական կամուրջ մը։
«Պոլիս Լուսատու»ն վերջին տարիներուն դարձած է ստեղծագործական կարեւոր հարթակ մը, ուր լուսանկարչութիւնը կը ծառայէ որպէս պատմելու, յիշելու եւ արձանագրելու միջոց։ «Որոնում» ցուցահանդէսը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ խումբի բազմաձայնութիւնը, ստեղծագործական որոնումները եւ տարբեր հայեացքներու միաւորումով ստեղծուած հարուստ աշխարհը։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 26 Յունիս։