image

Վերջին Ժամ. Տհոքի մէջ քիւրտեր յարձակում գործած են Թրքական զօրակայանի մը վրայ

Վերջին  Ժամ. Տհոքի մէջ քիւրտեր  յարձակում  գործած են  Թրքական  զօրակայանի մը վրայ

Քիւրտ   քաղաքացիներ  յարաձկում գործած են  Քիւրտիստանի   մէջ  գտնուող թրքական բանակի զօրակայանի մը վրայ։  Այս  մասին լուրը կը  հաղորդէ «Ալ Մայատին»  կայանը  նշելով, որ   յարձակողները         հրկիզած են զօրակայանին մէջ գտնուող   թրքական բանակի մի քանի հրասայլներ։

  Աղբիւրը  նաեւ կը հաղորդէ, որ թրքական  բանակի  զինուորներ  կրակ  բացած են  քիւրտ  բողոքարարներու  ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են երկու       ցուցարարներ։

 

 Կը  նշուի, որ  քիւրտերու բողոքի  այս  շարժումը  եշած է  առ ի բողոք թրքական   բանակին    քրտական զանազան     կէտերու    դէմ  կատարուած ռմբակոծումներուն  դէմ։