Թիֆլիսի մէջ զանգուածային ծեծկռտուք տեղի ունեցած է ատրպէյճանցիներու եւ քիւրտերու միջեւ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Վերջերս վրացական Տմանիսիի մէջ նոյնպէս զանգուածային ծեծկռտուք տեղի ունեցած է ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ, որ վերածուած էր անկարգութիւններու։