Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Թուրքիոյ շնորհուեցաւ մուտք գործել 30 գերեզմանային շրջաններ Կիպրոսի պատերազմին ընթացքին անհետացածներու որոնողական աշխատանքներ կատարելու համար: ՄԱԿ-ի կողմէ հովանաւորուած այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի աջակցիլ բաժնուած կղզիին միացման խաղաղութեան գործընթացին թափ տալ: ՄԱԿ-ի կողմէ այս աշխատանքներուն համար նշանակուած Փօլ Հենրի Առնի յայտնած է, թէ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած պատերազմին ընթացքին կորսուած անձերու ճակատագրի բացայայտման վերաբերեալ տարուելիք աշխատանքները պէտք է արագ ընթացք մը ունենայ, որովհետեւ նման գերեզմաններու մասին տեղեկութիւն ունեցող վկաները կը ծերանան: «Տեղեկութիւններու միակ վստահելի աղբիւրը, որ ունինք, այս վկաներն են, եւ անոնք արագօրէն կը մահանան»: Անցեալին կարելի չէր պեղումներ կատարել որոշ տեղեր, թրքական ռազմական ուժերը համաձայն չէին գտնուէր: Աղբիւրը կը գրէ, որ 1508 յոյն կիպրացիներ ցուցակագրուած էին որպէս կորսուածներ, մեծ մասամբ 1974-էն ի վեր, նաեւ 493 թուրք կիպրացիներ ընդհանրապէս համայնքային բախումներուն կորսուած էին 1963-1664 թուականներուն: Առայժմ 469 յոյն եւ 145 թուրք կիպրացիներու աճիւնները յայտնաբերուած են DNA-ի միջոցաւ եւ յանձնուած անոնց հարազատներու ընտանիքներուն պատշաճ թաղում կատարելու համար: