image

9 ամիս ետք յայտնաբերուած են հերոս Դաւիթ Բաբայեանի աճիւնները

9 ամիս ետք յայտնաբերուած են  հերոս Դաւիթ Բաբայեանի աճիւնները

Յայտնաբերուած է «Բանանց»ի, «Արցախ»ի եւ «Լոքոմոթիւ»ի նախկին ֆութպոլիստ Դաւիթ Բաբայեանի աճիւնը, որ կը ծառայէր Արցախի մէջ եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք 9 ամիս անյայտ կորսուածներու շարքին էր:

Դաւիթի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 18 Յուլիս 2021-ին, ժամը 18.00-ին Կոնտի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, վերջին հրաժեշտը՝ 19 Յւլիսին, 13:30-ին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին  մէջ։