image

Թուրքիա Իրաւունք Ստացած Է Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Աճիւններ Որոնելու Աշխատանքներ Կատարելու

Թուրքիա   Իրաւունք  Ստացած  Է Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ    Աճիւններ  Որոնելու   Աշխատանքներ Կատարելու

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Թուրքիոյ շնորհուեցաւ մուտք գործել 30 գերեզմանային շրջաններ    Կիպրոսի պատերազմին ընթացքին   անհետացածներու  որոնողական աշխատանքներ   կատարելու համար:  ՄԱԿ-ի կողմէ հովանաւորուած  այս   նախաձեռնութիւնը  նպատակ ունի  աջակցիլ բաժնուած կղզիին միացման  խաղաղութեան գործընթացին  թափ տալ:   ՄԱԿ-ի կողմէ այս      աշխատանքներուն  համար նշանակուած Փօլ Հենրի Առնի  յայտնած է, թէ     Կիպրոսի  մէջ  տեղի  ունեցած  պատերազմին ընթացքին կորսուած  անձերու   ճակատագրի  բացայայտման վերաբերեալ  տարուելիք  աշխատանքները  պէտք է արագ ընթացք մը ունենայ, որովհետեւ նման գերեզմաններու մասին տեղեկութիւն ունեցող վկաները կը ծերանան: «Տեղեկութիւններու միակ վստահելի աղբիւրը, որ ունինք, այս վկաներն են, եւ անոնք արագօրէն կը մահանան»: Անցեալին կարելի չէր պեղումներ կատարել որոշ տեղեր, թրքական ռազմական ուժերը համաձայն չէին գտնուէր: Աղբիւրը կը գրէ, որ 1508 յոյն կիպրացիներ ցուցակագրուած էին որպէս կորսուածներ, մեծ մասամբ 1974-էն ի վեր, նաեւ 493 թուրք կիպրացիներ ընդհանրապէս համայնքային բախումներուն կորսուած էին  1963-1664 թուականներուն: Առայժմ 469 յոյն   եւ 145 թուրք կիպրացիներու  աճիւնները յայտնաբերուած են DNA-ի միջոցաւ եւ յանձնուած  անոնց հարազատներու ընտանիքներուն պատշաճ թաղում կատարելու համար: