image

Էրտողան «Բարի լուր» պիտի տայ հիւսիսային Կիպրոսէն

Էրտողան «Բարի լուր» պիտի տայ հիւսիսային Կիպրոսէն

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ լաւ լուրեր պիտի յայտարարէ Հիւսիսային Կիպրոս կատարելիք իր այցի ժամանակ, որ նախատեսուած է երկուշաբթի՝ 19 Յուլիսին, հաղորդած է Anadolu գործակալութիւնը:

«Ես կ'ուզեմ այդ մասին յայտարարել Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան խորհրդարանէն ներս: Ատիկա դրական քայլ կ'ըլլայ, որու նախնական նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած  են»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Ըստ Էրտողանի՝ յայտարարութիւնը, որ ան կը նախատեսէ հնչեցնել, «խաղաղութեան ուղերձ» պիտի դառնայ ինչպէս կղզիի բնակիչներուն, այնպէս ալ ողջ միջազգային հանրութեան համար:

Էրտողան յայտնած էր, որ Կիպրոս կատարելիք այցի ընթացքին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ երեքշաբթի, մեծ պատուիրակութիւն պիտի ուղեկցի իրեն: