Թիֆլիսի խորհրդարանի շէնքին դիմաց այսօր հակահայկական բնոյթ կրող ցոյց կայացուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք» կայքը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ Վրաստան ապրող խումբ մը ազրպէյճանցիներ իրենց ձեռքերուն ունենալով յատկապէս ԱՄՆ-ի եւ Ազրպէյճանի դրօշները բողոքի ցոյց կատարած են։
Ցուցարարները պահանջած են Արցախեան գոյամարտին մասնկացած ու նահատակուած Միքայէլ Աւագեանի արձանին հանուիլը։
Յիշեցնենք, որ Ախալքալաքի Բուղաշէն շրջանին մէջ տեղակայուած արձանը բողոքի ալիք մը բարձրացուցած էր Վրաստանի հակահայ շրջանակներուն եւ մասնաւորապէս Վրաստան ապրող ազրպէյճանցիներու շրջանակներուն մօտ։