image

ՀՕՄ-ի եւ բարերարներու հոգածութեամբ․ «Արարատ Տան» հայ տարեցներուն նուիրուած ճաշկերոյթ

ՀՕՄ-ի եւ բարերարներու հոգածութեամբ․ «Արարատ Տան» հայ տարեցներուն նուիրուած ճաշկերոյթ

Հայ  տարեցներու  նկատմամբ երախտագիտութիւնն ու հոգածութիւնը անգամ մը եւս մարմնաւորուեցան Միշըն Հիլզի «Արարատ Տան» յարկին տակ, ուր ՀՕՄ-ի Շրջանային Միութեան եւ բարերար անհատներու հովանաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ մարդասիրական ճաշկերոյթ մը։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ արժեւորելու հայ տարեցներուն նուիրուած ծառայութիւնը եւ վերահաստատելու, որ համայնքային կեանքին մէջ անոնց արժանապատիւ ներկայութիւնը ազգային առաջնահերթութիւն մըն է։ Այս առիթով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան բարձր գնահատեց թէ՛ ՀՕՄ-ի մարդասիրական առաքելութիւնը, եւ թէ «Արարատ Տուն»-ի անփոխարինելի դերը հայ-քրիստոնէական միջավայրի պահպանման ու հայ տարեցներուն խաղաղ ու արժանապատիւ կեանք ապահովելու գործին մէջ։

Ստորեւ  այդ մասին «Արեւելք»ի խմբագրութեան յղուած   լրատւութիւնը՝

Երեքշաթի, 2 Յունիս 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան հրաւէրով նախագահեց նոյն վարչութեան եւ կարգ մը անհատներու միացեալ հովանաւորութեամբ հայ տարեցներու Միշըն Հիլզի «Արարատ Տուն» կառոյցին մէջ կազմակերպուած մարդասիրական նպատակներով ճաշկերոյթին, որուն ներկայ եղան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, կառոյցի Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Յովսէփ Կանիմեան, որ Առաջնորդ Սրբազան Հոր ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, հովանաւոր Միութեան ու բարերար անհատներուն, այլեւ գնահատեց հայ ծնողներու, մեծ ծնողներու եւ վաստակաւոր հայ տարեցներու նկատմամբ Ազգ. Առաջնորդարանի, ՀՕՄ-ի, զանազան կառոյցներու եւ նուիրեալ ազգայիններու ու բարերարներու կողմէ յաճախակիօրէն ցուցաբերուած ուշադրութիւնն ու հոգածութիւնը: 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, բարձր գնահատեց հայկական իրականութեան մէջ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնող ՀՕՄ-ի աշխարհատարած գործունէութիւնը եւ Արարատ Տան մասին իր բարձր համարումն ու գոհունակութիւնը յայտնեց՝ դիտել տալով, որ՝ «Հայ տարեցներուն, մեր ծնողներուն եւ հարազատներուն հանգիստ վերջալոյս շնորհող այս կառոյցը թէեւ մեր համայնքային կեանքին մէջ կը գրաւէ լուռ անկիւն մը, բայց անիկա սոսկ լուսանցքային հաստատութիւն մը չէ, այլ՝ ընդհակառակն, խօսուն ապացոյց մըն է այն մասին, որ մեր մեծերը իրենց կեանքի հանգստեան տարիները արժանապատիւ կերպով կ՛ապրին հայ-քրիստոնէական ու ազգայնաշունչ այս միջավայրի մէջ, ուր սէրը, յարգանքն ու գուրգուրանքը եւ մասնագիտական բծախնդրութիւնը էական դեր կը կատարեն»: 

Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս գնահատեց հովանաւոր կողմերն ու Հայ Տարեցներու Արարատ Տունը՝ իր պատասխանատուներով ու ծառայողներով, ապա օրհնութիւններու աղօթական իր խօսքին մէջ խաղաղ հանգիստ, երկարակեցութիւն եւ առողջ տարիներ մաղթեց կառոյցի բոլոր բնակիչներուն, գործող ձեռքերուն եւ բարերարութիւն կատարող բոլոր միութեանց ու ազգայիններուն: