Թուրքիա- Թրքական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Ճէզրա քաղաքի ազգութեամբ քիւրտ քաղաքապետ՝ Լէյլա Իմրէ այսօր պաշտօնանկ յայտարարուած է:Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Իմրէյի պաշտօնանկութեան վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարկելով յայտնած է, թէ Իմրէ կը մեղադրուի շրջանին մէջ «ապստամբութիւն հրահրելու եւ ահաբեկչութեան սատարելու մեղադրանքներով»: Իմրէ Ճիզրէյի քաղաքապետ դարձած էր անցնող Մարտին ստանալով քուէներուն 83 առ հարիւրը այդպիսով դառնալով Թուրքիոյ ամէնէն երիտասարդ քաղաքապետը ( 27 տարեկան): Նշենք, որ Ճիզրէն մինչեւ այս պահը կը գտնուի ծանր իրադրութեան մէջ հակառակ անոր, որ թուրք մէկէ աւելի պատասխանատուներ երէկ յայտնած էին , թէ վերջին պիտի տան առկայ պաշարումին: