Սիսիանի քաղաքապետ Արթուր Սարգսեանը ձերբակալուած է: «Հայկական ժամանակ»-ին տեղեկութիւնը հաղորդած է Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Վարդան Թադեւոսեանը:
Սարգսեանը կը կասկածուի ՀՀ ՔՕ 308-րդ յօդուածի երկրորդ մասով (պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը) եւ ՀՀ ՔՕ 314-րդ յօդուածի առաջին մասով (պաշտօնատար անձի կողմէ շահադիտական նպատակով կամ անձնական այլ դրդումներով կամ խմբային շահերէ ելլելով՝ պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ կամ գրառումներ մտցնելը, կեղծում, քերուածք կամ այլ թուական գրառումներ կամ փոփոխութիւններ կատարելը, ինչպէս նաեւ կեղծ փաստաթուղթեր կազմելը կամ յանձնելը):
Թադեւոսեանը նշած է, որ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան՝ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ 13 Յուլիսին ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) միջնորդութիւն ներկայացուցած էր Սիսիանի քաղաքապետ Արթուր Սարգսեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու վերաբերըալ, որ ԿԸՅ-ն բաւարարած էր: