Արցախեան սահմանին իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ հանգիստ: Այս մասին կը փոխանցէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: Յովհաննիսեան նաեւ նկատել տուած է, թէ հակառակորդը մերթ ընդ մերթ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը կը խախտէ օգտագործելով հրաձգային զէնքեր: