Նախագահ Սարգսեանն ընդգծած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան դերը մեր երկրի քաղաքական կեանքին մէջ, գնահատելի համարած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման վերաբերեալ կուսակցութեան արտայայտած կառուցողական դիրքորոշումը՝ յոյս յայտնելով, որ նոր խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չըլլակը չազդէ կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան եւ աշխոյժութեան վրայ:
Նախագահը կարեւոր համարած է ԲՀԿ քաղաքական փորձը ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան ծառայեցնելը եւ համոզմունք յայտնած է, որ որպէս արտախորհրդարանական ուժ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը պիտի շարունակէ իր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ունենալ քաղաքական գործընթացներու մէջ:
Հանդիպման միտքեր փոխանակուած են ներքաղաքական իրավիճակի շուրջ: