Ընթերցումներս (62)
Անհամասեռութիւն (5)
Անուանական անհամասեռութիւն (բ)
***Ինչո՞ւ հանդուրժենք եւ բարեկիրթ ձեւանալ, երբ թուրք խուժանը այնքան
կը գռեհկանայ:
Համադասուած են դիմաւոր բայ մը եւ անորոշ բայ մը՝ կազմելով անընդունելի անհամասեռութիւն մը: Պարտէինք ունենալ՝
---Ինչո՞ւ հանդուրժենք եւ բարեկիրթ ձեւանանք...
---Ինչո՞ւ հանդուրժել եւ բարեկիրթ ձեւանալ...
***Փորձած եմ լսել անոնց սեւն ու ճերմակը, հայհոյանքն ու ընդվզումը, հինն ու նորը, ցաւն ու վիշտը, ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը:
Ունինք բազմակի խնդիրներու հինգ զոյգեր, որոնք շաղկապուած են ու-ով:
Ասոնցմէ առաջինը՝ սեւն ու ճերմակը, հականիշներ են: Ոճաբանօրէն՝ մնացեալ զոյգերը պէտք է նմանապէս կազմուած ըլլային հականիշներէ. սակայն այդպէս չէ. հականիշներ են նաեւ հինն ու նորը, մինչ միւս երեք զոյգերուն մէջ հականշութիւն չկայ, շատ աւելի՝ հոմանշութիւն կայ:
***Ամպամած օրը աւելի նպաստաւոր է ներշնչումին, քան թէ արեգակնային փայլը:
---(Ամպամած) օրը եւ (արեգակնային) փայլը զիրար չեն ծածկեր, համասեռ հասկացութիւններ չեն. օրը ժամանակային հասկացութիւն է, որուն պէտք էր հակադրել ժամանակային ուրիշ հասկացութիւն մը, որ նպաստաւոր ըլլար ներշնչումի:
***Խաղաղ հոսանքին մէջ կարելի է աւելի լաւ որսալ, քան թէ պղտոր ջուրի մէջ:
---Խաղաղ ածականը կը բնորոշէ հոսանքին կամ ջուրին ընթացքը, մինչ պղտոր՝ ածականը կը բնորոշէ ջուրին բաղադրութիւնը կամ բաղադրական մէկ յատկութիւնը:
***Իրեն ուղղեցի նոյնիսկ զինք վիրաւորող ու մտահոգիչ հարցեր:
Վիրաւորող դերբայը կրնայ ուղիղ խնդիր առնել՝ զինք, սակայն գրաբարեան մտահոգիչ դերբայը չի կրնար ուղիղ խնդիր առնել:
***Դրականը դարձաւ բացասականութիւն:
Դրականը փոխանունը եւ բացասականութիւն գոյականը զիրար չեն հակակշռեր. պէտք է պարզապէս ըլլայ՝ «Դրականը դարձաւ բացասական»:
*** Անշուշտ երաժշտութիւնն ալ ունեցած է իր յատուկ տեղը, ինչպէս՝ փորագրութիւնը, արձանագործութիւնը, նկարչութիւնը, պարարուեստը, երգչա-
խումբը, դերասանութիւնն ու թատրոնը» (Մարգար Շարաբխանեան):
ԸՆդգծուած ութ բազմակի անդամներէն վեցը արուեստի անուններ են, մինչ երգչախումբը եւ դերասանութիւնը արուեստի անուն չեն:
***«Նիւ Եորքի մէջ կան նաեւ չինական, իրլանտական, գերմանական, սեւերու, դանիացիներու եւ փորթուկալցիներու կողմէ տիրապետուած շրջաններ» (Արամ Հայկազ, «Երջանկութիւն», էջ 87) :
Անհամասեռութեան շատ բարդ օրինակ մըն է այս, ուր շրջաններ գոյականը ունի, մէկ կողմէ՝ երեք համադաս «ածական որոշիչներ»՝ չինական, իրլանտական եւ գերմանական, միւս կողմէ՝ այս վերջիններուն բռնազբօսաբար համադասուած «դերբայական շատ ընդարձակ դարձուած որոշիչ մը»՝ սեւերու, դանիացիներու եւ փորթուկալցիներու կողմէ տիրապետուած. ոչ մէկ լեզու կրնայ իւրացնել նման կառոյց մը, որովհետեւ շրջաններ գոյականին տրուած այս այլազան լրացումները համատեղելի չեն:
Ինչպէ՞ս կարելի է փրկել կացութիւնը:
Կը մնայ տարբաղադրել զանոնք. ահաւասիկ փորձ մը.
---Նիւ Եորքի մէջ կան նաեւ չինական, իրլանտական եւ գերմանական շրջաններ, որոնք տիրապետուած են սեւերու, դանիացիներու եւ փորթուկալցիներու կողմէ:
Ծանօթ.− Ածական որոշիչն ու յարակատար դերբայ որոշիչը անհամասեռութիւն չեն յառաջացներ. օրինակ՝
***Ներս մտաւ բարկացած ու գունատ երիտասրդ մը:
***Վիրաւոր ու չարացած իշխանուհին հեռացաւ պալատէն:
***Ձեռքերը Էլմոնի, Վերժինի պնդացած ձեռքերն են՝ հաստ, կոշտ, լուացքէն, բուրդէն, թելէն պնդացած, մաշած, կռնծած» (Գրիգոր Պլըտեան, «Սեմեր», էջ 85):
* * *
Անհամասեռութիւնը կրնայ ընդգրկել մինչեւ իսկ յօդերը: Տեսնենք ստորեւ յօդային անհամասեռութեան օրինակներ.
***Մարդը բնութիւնն է, իսկ բնութիւնը՝ մարդ:
Համադասութեան առաջին բաղադրիչին մէջ մարդը ենթական եւ բնութիւնն ստորոգելին որոշեալ յօդ ունին, մինչ երկրորդ բաղադրիչին մէջ բնութիւնը եթական յօդ ունի, իսկ մարդ ստորոգելին՝ յօդ չունի:
***Մարիամ...զայն ենթարկեր է փորձանքի, դատապարտեր է ջնջումին» (Գրիգոր Պլըտեան, «Սեմեր», էջ 39),− փորձանքի խնդիրը յօդ չունի, իսկ ջնջումին խնդիրը ունի:
***Այդ ձախողութիւնը նշելէն, թաղումը կատարելէն եւ դիակը ժառանգորդներուն յանձնելէ ետք միայն պատմագիրը կը ձեռնարկէ սիրողական աշխատանքի (Գրիգոր Պլըտեան, «Տարմ», էջ 334):
Նշելէն, կատարելէն յօդ ունին, իսկ յանձնելէ յօդ չունի:
***Ամեն գրական գործ վկայութիւն մըն է շրջանի ընդհանուր տրամադրու-թիւններէն, ազգային մտահոգութիւններէ, հանրային հարցերէ» (Մինաս Թէօլէօլեան, «Դար մը գրականութիւն», էջ 317):
Ուր տրամադրոււթիւններէն կիրարկուած է յօդով, իսկ մտահոգութիւններէ եւ հարցերէ զրկուած են յօդէ:
* * *
Ահա նաեւ ուղղագրական անհամասեռութեան օրինակ մը. «Պիտի ջանան կոչել... Մեծ Ոճիրը, Մեծ Աղէտը, Մեծ եղեռնը, Հայկական Ողջակէզը, Հայկական Սարսափները եւ այլն,− ուր եղեռնը որոշեալը չէ գլխագրուած, միւս թաւագիր որոշեալները գլխագրուած են, մինչդեռ ասոնք եւս պէտք չէ գլխագրուէին, եւ ունե-
նայինք՝ Մեծ ոճիրը, Մեծ աղէտը, Հայկական ողջակէզը, Հայկական սարսափները:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com