Սփիւռքահայ կեանքը ալեկոծող հիմնական խնդիրներէն մին կը համարուի կրթական ոլորտին մէջ օրըստօրէ աճող բազմապիսի տագնապները։
Դպրոցներ կը փակուին, այլ դպրոցներ վաճառքի կը հանուին, ոմանք կանգնած են տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներու առաջ, ու տակաւին ամենատխուր փաստը, որ կայ, այն է, որ նոր վարժարաններ ընդհանրապէս չեն բացուիր։
Հակառակ սփիւռքի շարք մը գաղութներուն մէջ տիրող «հանգիստ» պայմաններուն, հետեւաբար նաեւ բարեկեցիկ կեանք ունենալու ու նաեւ բնական մարդագրական աճ մը ապահովելու յոյսերուն, երեւելի սկսած է դառնալ, որ մէկէ աւելի ճակատներու վրայ սփիւռքի տարբեր հատուածներ կ՚ապրին յստակ տեղատուութիւն մը, որուն պատճառները միայն տնտեսական չեն։
Անցեալին, մեր նախնիները կ՚ապրէին փայտեայ տուներու տակ, սակայն ամէն դժուարութիւն մէկդի դնելով նոր, բայց յաճախ փայտաշէն դպրոցներ կը կառուցէին։
Կը բարձրանար հայոց եկեղեցւոյ գմբէթը ու անոր կողքին անպայման հիմնարկէքը կը կատարուէր նոր վարժարանի մը։
Միութենական, յարանուանական կամ կուսակցական հովանաւորութեամբ ճամբայ ելած մեր վարժարանները գրեթէ կէս դար կը կատարէին իրենց պարտականութիւնը ու անոնցմէ շատեր տեղի տալով կը փակէին իրենց դռները։
Երբ հայկական դպրոցի թեմային մասին խօսինք, մեր աչքերուն առաջ պիտի գան Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանը, Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը ու տակաւին բազում այլ դպրոցներ, որոնց զանգերն այսօր չեն լսուիր։
Տակաւին մեզմէ շատեր մեղքի զգացողութիւնը թօթափելու հիմունքով պիտի յայտարարեն, որ շատ բնական է, որ սա կամ նա վարժարանը փակէր իր դռները եւ լռութեան մատնուէր անոր բակին մէջ տեղադրուած զանգն ու տարածքէն հեռանային առաջին անգամ հայերէն լեզուն բարբարբող սաները։
Պիտի ըսուէր նաեւ, որ աշակերտութեան թիւը նուազած է, շրջանին մէջ հայեր չկան կամ առհասարակ «դրամ չունինք» անունով դրօշակը վեր հանուէր ու լռութեան քողով ծածկուէր կրթական համակարգի տխուր այդ թեման։
Բայց իրականութիւնն այլ է։
Իրականութիւնը կը գտնուի այլ տեղ ու այս առումով յստակ է նաեւ, որ մեր դպրոցները կանգուն կրնան մնալ այնքան ատեն, որ անոնք իրենց ետին ունին տեսլական ունեցող առաջնորդներ։
Այս բոլորէն անդին եւ այսօրուան ընդհանուր «տխուր» իրավիճակին մէջ յանկարծ Պէյրութէն կը ծլի նոր յոյս մը, որ մեզմէ շատ-շատերուն համար կը համարուի «անսպասելի»։
Խօսքը այս տարի առաջին անգամ իր դռները բացող Մխիթարեան վարժարանին մասին է, որ պիտի ընթանայ «հոսանքին հակառակ» եւ դառնայ նոր ովասիս մը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի արուարձաններէն հայաշատ վայրի մը՝ Ռաուտա բլրակին վրայ։
Առանց աւելորդ խօսքեր շռայլելու կամ վաղահաս գնահատականներ արձակելու, յստակ է, որ Մխիթարեան վարժարանի կոչումը հասկցած ու անոր առաքելութեան հանդէպ հաւատք ցուցաբերած թարմ ուժեր լծուած պիտի ըլլան առաքելատիպ այս գործին։
Մխիթարեանները, իրենց դարաւոր աւանդով, հայ ոգիի ամրացման համար իրենց ցուցաբերած նախանձախնդիր արութեամբ հայութեան կողմէ վկայագիր ստանալու կարիք չունին։
Ու այստեղ է նաեւ, որ այս նոր քայլը անպայման կը խօսի այդ առաքելութեան վերանորոգման հաւատացող սպիտակ ձեռքերուն մասին, որ կը կանգնին այս նոր վարժարանի վերաբացման ետին։
Մենք աւելի քան վստահ ենք, որ երիտասարդ կազմով, քաջասիրտ տնօրէնուհիով եւ կրթութեան առաքելութեան հանդէպ հաւատք ունեցող թարմ անձնակազմով այս դպրոցը պիտի գայ նոր յոյս բերելու գաղութի մը, որ ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր եւս կոչուած է դառնալ Միջին Արեւելքի հայութեան բաբախող սիրտն ու ամբողջ սփիւռքին արիւն ներարկող մայր երակը։
Այս խօսքը կը հնչեցնենք՝ քաջ գիտակցելով, որ շատեր պիտի փորձեն ցեխարձակումներ կատարել մեր մատնանշած երեւոյթին՝ հաճախ «թացը չորին հետ այրելու» սկզբունքով, կամ ալ երեւոյթները շրջուած ձեւով ներկայացնելու հոգեբանութեամբ։
Յստակ է մէկ բան, որ Մխիթարեանը նոր ամրոց մը կը հիմնէ ու այդ ամրոցը պիտի դառնայ առաջին քայլը՝ ինքզինք վերանորգման փուլին մէջ դրած, ալեհեր, բայց կորովի այդ միաբանութեան։
Կասկածէ վեր է, որ իւրաքանչիւր դպրոցի բացումով նոր յոյս մը եւ նոր ճանապարհ մը կը բացուի ու մեր հաւատքն է, որ Ռաուտայի Մխիթարեանը, իսկապէս դառնայ նոր ովասիս մը լոյսի եւ յոյսի արժանի հայկական Պէյրութին համար։
«Արեւելք»