Օրերս Վենետիկի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Մխիթարեան Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան։
Այդ առթիւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք միաբանութեան աշխոյժ անդամներէն ՝ Հայր. Համազասպ վարդապետ Քէշիշեանի Յարութիւն վարդապետի շիրիմին շուրջ արտասանած դամբանական խօսքը։
Այսօր վերջին հրաժեշտը կու տանք մեր երեց Միաբանակիցին՝ Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանին, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին նուիրուեցաւ Աստուծոյ, Հայ Ազգին եւ իր միաբանութեան։
Ան ծառայեց ու գործեց անխոնջ խանդավառութեամբ, համբերութեամբ ու մանաւանդ սիրով։
Վարդապետը երկար տարիներ զբաղած է կրթադաստիարակչական առաքելութեամբ Մխիթարեան վարժարաններէն ներս ջամբելով աստուածսիրութիւն ու հայրենասիրութիւն բազմաթիւ պատանիներու եւ երիտասարդներու, դաստիարակելով զանոնք մարդկային քրիստոնէական եւ հայրենաւանդ արժէքներով, այնքան եռանդով ու նուիրումով որ իր աշակերտները կապուած ու երախտագէտ մնացին վարդապետին ու յաճախ իրմէ բարի խօսք մը քաջալերանք մը, խրատ մը կ՚ուզէին լսել։
Իր առաքելութիւնը ճոխացուց իր տաղանդներով. բազմաթիւ յօդուածներ, մենագրութիւններ, ինչպէս նաեւ նկարչութեան մարզին մէջ ալ իր ներդրումը բերաւ իր գեղեցիկ ճաշակով եւ գաղափարներով որ փոխանցեց արուեստի միջոցով։
Իր կարեւոր գործերէն են նաեւ վանքերու նկարահանումները որ կատարեց բացատրութիւններով, կ՚ուզէր որ մեր վանքերու հոգեւոր, մշակութային արժէքները փոխանցուին մեր նոր սերունդին։
Վարդապետը կ՚ուրախանար իր միաբանութեան ու Հայրենիքի ուրախութիւններով ու կը տրտմէր իր Հայրենիքի վշտերով ու աղէտներով։
Այս վերջին շրջանի Հայրենիքի աղէտներով շատ զգացուած էր, եւ որ սիրտը կու լար եւ այդ կ՚արտայայտէր իր դիմատետրի գրառումներու մէջ մեր հազարաւոր նահատակներուն համար եւ բոլորը սթափումի կը հրաւիրէր որպէսզի մտածեն հայրենիքի բարիքին, ապահովութեան ու բարօրութեան։
Ան հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն, ցաւերուն, հիւանդութիւններուն, կը հաւատար ու կը յուսար. կը հաւատար նաեւ Միաբանութեան վերածնունդին, եւ ջանաց մինչեւ իր վերջին շունչը անոր արժէքները եւ ժառանգութիւնները պահպանել։
Թո՛ղ Աստուած Երկնքի Արքայութեան արժանի ընէ, լոյսերով պարուրէ իր բարի հոգին եւ միացնէ զինք իր Հայրերուն, միաբանակից եղբայրներուն որպէսզի միասնաբար Աստուծոյ փառքը երգեն եւ մեզի համար բարեխօսեն։