image

Հենրիխ Մխիթարեանը հաւաքականը խաղի չէ հրաւիրած

Հենրիխ Մխիթարեանը հաւաքականը խաղի չէ հրաւիրած

Ֆութպոլի Հայաստանի հաւաքականի եւ իտալական «Ռոմա»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի համար անակնկալ եղած է սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափառոսի գլխաւորած ազգային խումբէն հրաւէր չստանալը Խորվաթիայի եւ Շուէտի հաւաքականներու հետ առաջիկայ ընկերական խաղերուն։ Այդ մասին Մխիթարեանը գրառում ըրած է դիմատետրեան էջին։

«Ի զարմանս ինձ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզչական շտաբէն տեղեկացուեցայ, որ ինչ-ինչ պատճառներով հրաւիրուած չեմ առաջիկայ ընկերական խաղերուն: Պաշտօնական հիմնաւորումներն ինծի համար համոզիչ չեն: Այնուամենայնիւ, ես կանգնած եմ մեր տղաներու կողքին եւ լաւագոյնը կը մաղթեմ առաջիկայ խաղերուն»,- գրած է Մխիթարեանը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը Յունիսին պիտի ունենայ 2 ընկերական հանդիպում: 1 Յունիսին՝ ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակով)՝ Վելիքա Կորիցայի Քաղաքային դաշտին մէջ, պիտի կայանայ Խորուաթիա - Հայաստան, իսկ 5 Յունիսին՝ ժամը 22։45-ին՝  Սթոքհոլմի «Ֆրենտս Արենա» դաշտին մէջ՝ Շուէտ - Հայաստան ընկերական հանդիպումը: