Կիւմրիի բնակիչներ Աւետիսեանները սպաննած Վալէրի Փէրմիաքով կրնայ ցկեանս ազատազրկուիլ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը, նշելով , որ Կիւմրիի մէջ այսօր եղած դատական նիստին մեղադրող դատախազ Գէորգ Գէորգեանը միջնորդած է ռուս զինծառայող Վալերի Պերմիակովին մեղաւոր ճանչնալ Կիւմրեցի Աւետիսեաններու եօթ անձերէ բաղկացած ընտանիքի սպանութեան մէջ:Կը նշուի նաեւ, որ յաջորդ դատական նիստին ճառով հանդէս պիտի գայ Փէրմիակովի պաշտպանական կողմը: