image
Հրատապ լուրեր:

Ղարաբաղեան պատերազմին մասնակցած 2 Սուրիացի վարձկաններուն ցկեանս բանատրկութեան դատավճիռ

Ղարաբաղեան պատերազմին մասնակցած 2 Սուրիացի վարձկաններուն ցկեանս բանատրկութեան դատավճիռ

Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ այսօր՝ 4 մայիսին, կայացած դատական նիստը աւարտած է։ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած սուրիացի վարձկան երկու ահաբեկիչները դատապարտուած են ցմահ ազատազրկման։

Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է ՀՀ  դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը:

Յիշեցնենք՝ Հայաստանի մէջ կալանաւորուած ազգութեամբ արաբ, սուրիացի Եուսեֆ Ալապեթ ալ Հաճիին եւ Մուհամմատ ալ Շխերին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ ՔՕ 217-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով, 389-րդ յօդուածով, 34-390-րդ յօդուածի 1-ին մասի 1-ին կէտով, 34-390-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 395-րդ յօդուածի 3-րդ մասով։