image

Փէրմաքիով կրնայ ցկեանս ազատազրկման ենթարկուիլ

Փէրմաքիով  կրնայ  ցկեանս ազատազրկման     ենթարկուիլ

Կիւմրիի բնակիչներ Աւետիսեանները սպաննած Վալէրի Փէրմիաքով  կրնայ  ցկեանս ազատազրկուիլ: Այս մասին  կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»  ռատիօկայանը, նշելով , որ Կիւմրիի մէջ այսօր  եղած  դատական նիստին մեղադրող դատախազ Գէորգ Գէորգեանը միջնորդած է ռուս զինծառայող Վալերի Պերմիակովին մեղաւոր ճանչնալ Կիւմրեցի Աւետիսեաններու եօթ անձերէ բաղկացած ընտանիքի սպանութեան մէջ:Կը նշուի  նաեւ, որ  յաջորդ դատական նիստին ճառով հանդէս պիտի գայ Փէրմիակովի պաշտպանական կողմը: