Գերմանիոյ դաշնային կառավարութիւնը, Ձախերու կուսակցութեան հարցմանն ի պատասխան, հաստատած է, որ երկրի տարածքին կը գործէ կազմակերպուած յանցաւոր կազմակերպութիւն, որու հիմքը ազգութեամբ հայեր են, ինչի պատճառով ընդունուած է այդ համակարգը անուանել հայկական մաֆիա։ Այս մասին գերմանական լրատուամիջոցներէն մէկուն՝ Tagesspiegel-ի, հրապարակումը կը փոխանցէ «RusArminfo»-ն։
Կառավարութենէն տեղեկացուցած են, որ դաշնային քրէական ոստիկանութիւնն ու երկրամասերու ոստիկանական վարչութիւնները 14 տարբեր հետաքննութիւն կ'իրականացնեն 42 անձանց նկատմամբ։ Այս տեսանկիւնէ աւելի աշխոյժ է կեդրոնական Թիւրինկիա երկրամասը, որ յայտնի է որպէս այսպէս կոչուած հայկական մաֆիայի հիմնական կեդրոն։
Թէեւ այս պահուն, ըստ հրապարակման, ընդամէնը մէկ մարդու առաջադրուած է մեղադրանք, սակայն յայտնի է, որ գործը կը քննուի «օրէնքով գողերու» դէմ պայքարի շրջանակներէն ներս։ Յանցագործները կը կասկածուին փողերու լուացման, խարդախութեան ու բռնութիւններու իրականացման մէջ։
Դաշնային կառավարութիւնը նաեւ հաստատած է, որ հետաքննութեան ներգրաւուած է նաեւ Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը, սակայն ոչ թէ կասկածեալի կարգավիճակով, այլ ինքն իր կամքով այցելած է երկրի ներքին գործոց նախարարութիւն։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել