«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Յորդանանի ՌԱԿ-եան գործիչ ՝ Ներսէս Ներսէսեան
- Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն: Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու, կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք:
Անշուշտ մեծ փոփոխութիւններով կ'ուզենք դիմաւորել յառաջիկայ ընտրութիւնը, որը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ 20 3ունիս 2021-ին:
Շատ բնական է, որ տիրող իրավիճակը ներկայ իշխանութեան կողմէ անյոյս եւ անհեռանկարային մթնոլորտով կը տանի գայթակղութեան, կը տանի ներքին լարուածութեան, չզսպուող բախումներու եւ մարդկային ու ազգային լուրջ կործանումներու:
Ներկայ իշխանութեան կողմէ բնազդային դարձած այս իրավիճակի պահուածքը կը հրահրէ ողջ գիտակից հայերուն ենթարկուիլ սայթաքումներու, ուր կը պղտորուի եւ կ'ապականուի հայ հասարակութեան կեանքի մթնոլորտը, ինչպէս Հայրենիքի, նոյնպէս եւ Արցախի ու Սփիւռքի ամբողջ տարածքներու վրայ:
Երեք տարիներու սոսկ դժուարութիւնները, թերացումները, ցնցումներով ու անակնկալներով յագեցած իրավիճակը ինչ որ թռիչքային բարելաւումներու կը կարօտի:
Մեր սպասումները կամ ակնկալիքները մեծածաւալ են, եւ անհրաժեշտ է, որ արագընթաց տեմպով կարգաւորուին:
Հայրենիքը հարուստ է խելացի, պատրաստակամ եւ բոլոր մասնագիտութեանց տէր անձերով:
Մեզ անհրաժեշտ են եւս դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, միջազգային գետնի վրայ ճանաչում ունեցող հեղինակաւոր անձեր:
Անկասկած, որ նման կարողութեանց տէր անձեր կը պակասին ներկայ իշխանութեան մէջ: Քաջ վստահ եմ, որ ընտրապայքարի մէջ մտնող նոր թեկնածուները պիտի ամբողջացնեն այս բոլոր պակասները:
- Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ինչ՞ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները:
Շատ բնական է, որ Հայ ժողովուրդին մէջ ազգային արժանապատուութիւնը վհատեցնող ներկայ իշխանութեան ծրագիրները բեկանելու կարողութիւններով տոգորուած նոր իշխանութեան անյապաղ կարիքը կ'զգացուի:
Յառաջիկայ իշխանութիւնը պէտք է ունենայ ազգային բարձր գիտակցութեան զգացում, մեծ նուիրուածութիւն ու զոհողութիւն վերակենդանացնելու մեր ազգային հպարտութիւնը, առաջնորդելու մեզ հայրենի հողերուն կառչելու մեր սրբազան պարտականութիւնը:
Ընտրապայքարին մասնակցող նոր թեկնածուները շարունակ կը բացայայտեն, որ նոր իշխանութիւնը պիտի տայ մեզ ապահովութիւն, տնտեսական աճ եւ կեանքի բարելաւում: Հասկնալի է, որ ապահովութեան համար մենք պէտք է զօրացնենք մեր բանակը, որպէսզի իւրաքանչիւր զինուորի ազգային արժանապատուութիւնը վերակենդանանայ, եւ Հայրենիքին ծառայելու տենչ ու հպարտութիւն ունենայ:
Մեծ անհրաժեշտութիւն կը համարեմ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի յարաբերութեանց աշխուժացումը: Այդ յարաբերութիւնները դարձած են քարացած, անկենդան եւ կը գտնուին մղկտալի իրավիճակի մէջ:
Այս առնչութեամբ մեծ աշխատանք պէտք է տանինք բոլորս, որ Սփիւռքի ներկայ եւ ապագայ հայորդիները կողմնորոշուին բարձր գիտակցութեամբ, որպէսզի հայեցիութեան ազգային նկարագիրը գերիշխէ բոլորի արիւնէն ներս:
Ես մեծ յոյսեր ունիմ, որ վերեւը նշուածներէն շատ աւելին կատարելու ունակ եւ պատրաստակամ պիտի ըլլայ նոր իշխանութիւնը:
Կանխաւ կը շնորհաւորեմ Հայ Ժողովրդին Վայելելու մեր նոր իշխանութեան հռչակումը, որը պիտի իրականանայ յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք։