image

Ներկայութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Մասիս Սրբազանին ընթացք առաւ Հալէպի համալսարանի «Հայկական մշակութային շաբաթ»ը

Ներկայութեամբ  Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Մասիս Սրբազանին   ընթացք   առաւ Հալէպի  համալսարանի «Հայկական մշակութային շաբաթ»ը

 Հալէպի  պետական համալսարանին մէջ  ընթացք  առած է «Հայկական մշակութային շաբաթ»ը։ Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ    «Գանձասար»էն։

 

   Աղբիւրը  մասնաւորապէս  կը գրէ, որ հովանաւորութեամբ «Պաաս»  կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան», Կիրակի 6 Յունիս 2021-ի միջօրէի ժամը 12։00֊ին, Հալէպի պետական համալսարանէն ներս բացումը կատարուեցաւ արդէն աւանդական դարձած հայկական Մշակութային Շաբթուան, որուն խորագիրն էր՝ «Սուրիական եւ Հայկական Մշակոյթներու Մերձեցումը»։

Մշակութային Շաբթուան առաջին ձեռնարկն էր ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան պատմութիւնն ու մշակութային կարգ մը առանձնայատկութիւնները, հայոց տառերը, թարգմանչական աշխատանքը, երաժշտական գործիքներն ու երաժիշտները եւ այլն։

Դոկտ. Իպրահիմ Հատիտ այս առիթով խօսք առնելով անդրադարձաւ Հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու մերձեցման եւ կարեւոր համարեց սուրիահայութեան դերը սուրիական հայրենիքի ծաղկեցման եւ բարագաւաճման մէջ, դիտել տալով, որ սուրիահայերը կը վայելեն ամբողջական իրաւունք պահպանելու եւ ծաղկեցնելու նաեւ հայ մշակոյթը։

Ցուցահանդէսէն ետք, բժշկական համալսարանի սրահէն ներս դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան։ Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Տիգրան Մեծի օրերէն մինչեւ օրերս երկարող Հայաստան-Սուրիա եւ հայ-արաբ ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մասին։