image

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի Պրազիլի մէջ ՀՀ դեսպանութեան շէնքի հիմնարկեքի արարողութեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի Պրազիլի մէջ ՀՀ դեսպանութեան շէնքի հիմնարկեքի արարողութեան

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 Օգոստոսին աշխատանքային այցով մեկնած է Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութիւն:

ՀՀ նախագահը պիտի սատարէ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի ողիմպիականներուն:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ այցելութեան ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի մայրաքաղաք Պրազիլի մէջ ՀՀ դեսպանութեան շէնքի հիմնարկեքի արարողութեան: Նախատեսուած են նաեւ ՀՀ նախագահի պաշտօնական հանդիպումներ Պրազիլի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ: