image

Թուրք եւ Ռուս ներկայացուցիչներ այցելած են Աղտամ

Թուրք եւ Ռուս ներկայացուցիչներ այցելած են  Աղտամ

 

Թուրքիոյ մշակոյթի փոխնախարար Ահմետ Միսպահ Տեմիրճանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ ռուս շարժանկարի գործիչներու խումբը այցելած են ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած Աղտամ (Ակնա) քաղաք:

Ինչպէս կը յայտնէ Minval.az-ը, անոնց ուղեկցած է Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարի խորհրդականը, նախարարութեան այլ աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանն ու դեսպանատան աշխատակիցները:

Կը հաղորդուի, որ հիւրերուն ներկայացուած է քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակն ու անոր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ նախատեսուող շինարարական աշխատանքներու նախագիծերը: