image

Պոլսահայ երգչուհին առցանց միջոցներով ներկայացած է հայ հասարակութեան

Պոլսահայ երգչուհին առցանց միջոցներով ներկայացած է հայ հասարակութեան

Պոլսահայ մեներգչուհիներէն Մարալ Այվազ  մասնակցած է հայկական երաժշտութեան հեռավար փառատօնին,  որ կը մէկտեղէր աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ երաժիշտներ։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն։

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ զանազան երկիրներէ աւելի քան քսան երաժիշտներու շարքին գտնուած է Մարալ Այվազ, որուն նուագակցած է՝ Արի Հերկել, Սեւան Ինեափան եւ Սեւան Կարապետեան։ Ան ունկնդիրներուն համար երկու երգ մեկնաբանած է։

Փարիզակեդրոն «Արմենոփոլ» հարթակը ընկերային ցանցերու միջոցաւ 19 յունիսին հեռարձակած է համերգը: