image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Սարգսեան ծանօթացած է գետնի վրայ եղող յետպատերազմական վիճակին

Նախագահ Սարգսեան  ծանօթացած է գետնի վրայ եղող յետպատերազմական վիճակին

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար զօրավար Լեւոն Մնացականեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած է ապրիլեան գործողութիւններէն ետք ստեղծուած մարտավարական իրադրութիւնը գետնի վրայ։

Հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխհամագործակցութեան ծրագիրի ծիրին մէջ 22 Յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ մեկնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի ընկերակցութեամբ այցելած է շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտեր, զրուցած տեղւոյն հրամանատարութեան ու զինուորներուն հետ:

Այնուհետեւ բանակի ղեկավարման մարմինի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած է հանդիպում՝ բանակի բարձրաստիճան հրամանատարական կազմին ներկայացուցիչներուն հետ։ Զեկոյց ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար,  բանակի հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Լեւոն Մնացականեանը: Իր զեկոյցին մէջ բանակի հրամանատարը մանրակրկիտ կերպով ներկայացուցած է ապրիլեան մարտական գործողութիւններէն ետք ստեղծուած մարտավարական իրադրութիւնը գետնի վրայ, սահմանագիծին մէջ կատարուած եւ կատարուող երկրաչափական ու ամրաշինական աշխատանքներուն ընթացքը եւ անդրադարձած է բանակաշինութեան ոլորտին մէջ իրականացուող այլ գործընթացներու: