Վերջինս խոստովանած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու եւ հաշտութեան գործընթաց սկսելու ցանկութիւնն էր որ իրենց ստիպած էր իշխանութեան գլխուն մնալ 2018 թուականին՝ նախագահական երկու ժամկէտէն ետք: Նախագահը կողմ չէ արտայայտուած Արցախի միտումնաւոր յանձնման տեսութեան, սակայն կը կարծէ, որ տեղի ունեցածը կոպիտ սխալներու եւ յիմարութեան հետեւանք է:
Ան հերքած է այն պնդումը, որ Հայաստանը զբաղուած էր բանակցութիւններու ընթացքի ձգձգմամբ: «Մենք կառուցողական բանակցութիւններ էինք վարում: Ոչ մի պարագայում ինձանից չէիք կարող լսել խօսք այն մասին, որ մենք երբեք չենք վերադարձնի այդ տարածքները (7 շրջանը՝ խմբ.): 2001 թուականին ես նոյնիսկ խորհրդարանի ամպիոնից յայտարարեցի, որ Աղտամն իմ հայրենիքը չէ: Հնարաւոր է արդեօ՞ք առաւել բաց արտայայտուել: Ես պատրաստ էի կրել դաւաճանի խարանը, սակայն լուծել այդ հարցը, որպէսզի մեզ նման փորձանք չպատեր»,- մեկնաբանած է նախկին նախագահը:
Ան պնդած է, որ ինք գրեթէ յաջողած էր, եւ 2018 թուականին աշխոյժ բանակցութիւններ կ'ընթանային, որոնք պէտք է խաղաղ ճանապարհով կարգաւորուէին:
Սարգսեանը նկարագրած է հետեւեալ գործընթացը. «հինգ շրջանի վերադարձ Ատրպէյճանին՝ առանց յստակ ամսաթուի հանրաքուէ անցկացնելու համաձայնութեան դիմաց, այնուհետեւ միւս երկու շրջանի վերադարձը՝ հանրաքուէի անցկացման եւ խաղաղապահների տեղակայման դիմաց»: Սերժ Սարգսեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանը պէտք է ընդունէր, որ ԼՂ վերջնական կարգավիճակը պիտի որոշուի բնակչութեան ազատ կամարտայատման միջոցով:
«Մենք սերտօրէն կապում էինք երկու շրջանի վերադարձը, բացառութեամբ միջանցքի, որը պէտք է ցամաքային կապ ապահովէր Հայաստանի հետ, հանրաքուէի անցկացման օրուայ հետ, կը գային խաղաղապահ ուժեր, եւ մենք կը սկսէինք հաշտեցման որոշակի գործընթաց»,- մեկնաբանած է նախագահը:
Պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Ալիեւը համաձայն էր ատոր, Սարգսեանը նշած է՝ «գործնականում»: Որպէս ատոր հաստատում ան մէջբերած է Ատրպէյճանի նախագահի խօսքը, երբ 2016 թուականին վերջինս յայտարարած էր, որ իրեն կը ստիպեն ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, եւ 2020 թուականին, երբ արդէն պատերազմէն ետք յայտարարած էր, որ Լաչինի (Բերձոր) եւ Քելբաջար (Քարվաճառ) շրջանները կը նախատեսուէր թողել հայկական տիրապետութեան տակ: