image

Մեր եկեղեցին կը ցնծայ. Արցախ եւ Անթիլիաս ուշադրութեան կեդրոն

Մեր եկեղեցին կը ցնծայ. Արցախ եւ  Անթիլիաս  ուշադրութեան  կեդրոն

Հայաստանեայց Առաքելական  Սուրբ Եկեղեցւոյ համար   իւրայատուկ օր է  այսօր։  Մայր Աթոռի   Սուրբ Էջմիածնի գահակալ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին   Բ-ի    բարձր օրհնութեամբ  եւ ձեռամբ   Արցախի   Հանրապետութեան    մայրաքաղաք  Ստեփանակերտի մէջ  պիտի   կայացուի   օծումն ու բացումը Սուրբ Յովան   եկեղեցւոյ, իսկ   Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ  Գահակալ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ  Ա. Կաթողիկոսի  բարձր  հովանաւորութեամբ  Լիբանանի  մէջ   պիտի մատուցուի   տօնական  հանդիսաւոր  Սուրբ  Պատարագ եւ պիտի նշուի  Կաթողիկոսութեան    յատուկ   օրը՝  Անթիլիասի  «Ուխտի  օր»ը։

Անշուշտ տեղի ունեցող    իրադարձութիւնները, իրենց  կրօնաբոյր  եւ ազգային երակով  ցոյց    պիտի տան եւ անգամ մը եւս  պիտի ամրապնդեն, մեր ժողովուրդի եւ Հայաստանեայց Առաքելական  եկեղեցւոյ ամրակուռ   կապը   եւ  պիտի վեր հանեն  նոյն  ճակատագիրն ու    պատմակերտ   առաքելութիւնը  կիսողի եւ ստանձնողի  անքակտելի  կապը։