Սուրիոյ Ժողովրդական խորհուրդի (խորհրդարանի) նոր կազմի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 6-ին։ Այս մասին յայտնած է Ժողովրդական խորհուրդի ընտրութիւններու Բարձրագոյն յանձնաժողովի նախագահ Մոհամմատ Թահա ալ-Ահմատը։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան հրապարակած է քուէարկութեան արդիւնքով ընտրուած պատգամաւորներու անունները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած՝ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարըհի կողմէ նշանակուած խորհրդարանականներու ցուցակը։ Խորհրդարանի ձեւաւորման գործող ընթացկարգի համաձայն՝ նախագահը կը նշանակէ պատգամաւորական կազմի մէկ երրորդը՝ 210 աթոռներէն 70-ը, մինչ մնացեալ 140 մանտաթները կը բաշխուին ընտրութեան արդիւնքներուն հիման վրայ։
Շարըհի նշանակած անձանց մէջ կայ 15 կին, որով կին պատգամաւորնեու ընդհանուր թիւը կը հասնի 21-ի, մինչ անցեալ տարի ընտրութեան գործընթացը աւարտած էր միայն 6 կին պատգամաւորի նշանակումով։ Պաշտօնատարները չեն ճշդած, թէ նորանշանակ պատգամաւորներէն քանիսը կը ներկայացնեն կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններ, ներառեալ քիւրտերը, քրիստոնեաները եւ ալեւիները։ Անցեալ տարի անոնց յատկացուած էր 10 աթոռ։
Շարըհ Սուրիոյ սիւննի իսլամական մեծամասնութեան ներկայացուցիչ է։
Նոր խորհրդարանի լիազօրութիւններու ժամկէտը պիտի ըլլայ 30 ամիս՝ երկարաձգման հնարաւորութեամբ։ Երէկ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նոր խորհրդարանի պատգամաւորներու երդման արարողութիւնը։