image

Ռուսաստան եւ Թուրքիա գոհ են Աղտամի ապահովական կեդրոնէն

Ռուսաստան եւ Թուրքիա գոհ են  Աղտամի ապահովական կեդրոնէն

Ռուսաստանը եւ Թուրքիան բարձր գնահատած են Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ռեժիմը վերահսկող միացեալ կեդրոնի գործունէութիւնը: Այս մասին տեղեկացուցած են ՌԴ ԱԳՆ-էն` միջգերատեսչական խորհրդատուութիւններու արդիւնքներէն ետք, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

Երեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած են  ռուս-թրքական միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններ Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Օնալի հետ: Ռուսական կողմէն խորհրդակցութիւններուն մասնակցած են Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարարներ Սերկէյ Ուերշինինը, Ալեքսանտր Կրուշքոն եւ Անտրէյ Ռուտենքոն:

«Անդրկովկասի, Ուքրանիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ առկայ իրավիճակի քննարկման շրջածիրէն ներս հաստատուած է այս տարածաշրջաններուն մէջ խաղաղութեանն ու կայունութեան ուղղուած ջանքերու միաւորման տրամադրուածութիւնը: Բարձր գնահատական տրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու կանխման վերահսկման ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի գործունէութեան: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել աշխատանքը Անդրկովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ»,-ըսուած է գերատեսչութեան կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: